7-10 Հոկտեմբերին Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին 10-րդ աշնանային հանդիպման ընթացքին պիտի քըննարկուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

ԼՂՀ հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի դերին շուրջ  յատուկ քննարկումը պիտի վարէ Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵԱՀԿ-ի նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Ժոաօ Սոարեշ:
Հանդիպման պիտի մասնակցին ԵԱՀԿ-ի անդամ 50 պետութիւններու եւ միջերկրականեան գործընկեր երկիրներու աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ: