Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքը առաջին անգամ կÿունենայ իր յատակագիծը: Այսպիսով մասնագէտները կը փորձեն Շուշին փրկել քաղաքաշինական աղաւաղումէ, սակայն տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչները կÿընդդիմանան այդ փորձերուն:

Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան վարչութեան կողմէ պատուիրուած այդ նախագիծը ներկայացուեցաւ շահագրգիռ մարմիններուն: Նախագիծի հեղինակ, ճարտարապետ-վերականգնող Յովհաննէս Սանամեանը, բացասական գնահատելով երբեմնի մշակութային կեդրոն Շուշիի այսօրուայ արտաքին տեսքը, կը փորձէ լուծումներ առաջարկել:
Սակայն եթէ Շուշիի մէջ գտնուող շարք մը կառոյցներ մասնագէտները կը գնահատեն որպէս արժէքաւոր յուշարձաններ, ապա տեղական իշխանութիւններու դիտարկմամբ, անոնք մարդոց կեանքին վտանգ սպառնող շինութիւններ են: Շուշիի շրջվարչակազմի ղեկավար Քաջիկ Խաչատրեանը, որ նախագիծի հիմնական ընդդիմախօսն է, կը պնդէ, որ Շուշին նախ եւ առաջ պէտք է այնտեղ ապրող մարդոց համար յարմար ըլլայ եւ յետոյ միայն մտածել զբօսաշրջային կեդրոն դարձնելու մասին:
«Մեզ պէտք չէ քաղաք սիրուն շինութիւններով, որտեղ մարդիկ չեն ապրում»,  «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսաւ Խաչատրեանը:
Յետպատերազմեան տարիներուն ի յայտ եկած են շարք մը նոր շէնքեր որ, որոշ մասնագէտներու գնահատմամբ, կը փճացնեն քաղաքի նկարագիրը: Գլխաւոր յատակագիծի բացակայութեան պայմաններով քաղաքային իշխանութիւնները ի զօրու չեն եղած կանխարգիլել այնտեղ կառուցուող բազմաթիւ շինութիւնները: Շուշիի մէջ այսօր գրեթէ բոլոր տարածքները սեփականաշնորհուած են, եւ սեփականատէրերը կորոշեն թէ ինչ եւ ինչպէս պիտի կառուցեն: