Հայաստանի մէջ, Հոկտեմբեր 12-էն 21 կը կատարուի մարդահամար: Ան, ըստ օրէնքին՝ պարտադիր է երկրին բոլոր քաղաքացիներուն համար:

Հայաստանի մէջ՝ ինչպէս քիչ մը իւրաքանչիւր այլ նախաձեռնութիւն, մարդահամարն ալ բանավէճերու եւ բողոքներու տեղի տուած է: Հոկտեմբեր 17-ին, «Սարդարապատ» նախաձեռնութեան հիմնադիր-անդամ, շարժանկարի բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեան կոչ ըրած է պոյքոթի ենթարկել մարդահամարը, Դիմամատեանի (Face-book) իր էջին վրայ գրելով. «Ազգակիցնե՛ր, մարդահամարը՝ բռնապետութեան հերթական գործիք է՝ կեղծ թիւեր յայտնելու, կեղծ ընտրութիւններից առաջ ցուցակներ պատրաստելու, «մեռած հոգիներ» ցուցակագրելու, նպաստ ստացող աղքատներին հաշւառելու եւ ահաբեկելու, ոստիկանական բռնապետութիւնը ամրապնդելու եւ օրինականացնելու նպատակով: Յիշէ՛ք՝ Քրիստոսի ծննդից յետոյ չար արքան նոյնպէս մարդահամարն էր օգտագործում՝ տղաներին ոչնչացնելու համար: Սրանք հիմա նոյնը չե՞ն անում մեր տղաների հետ...»: Այն դիտողութեան, թէ այս կոչը անտրամաբանական ծայրայեղութիւն մըն է, Խզմալեան կը պատասխանէ. «ցանկացած իշխանական նախաձեռնութիւն՝ անգամ ամենաժողովրդավարական ձեւաչափով, բռնապետութեան օրօք կը վերածուի նոյն այդ բռնապետութեան ամրապնդման ու օրինականացման միջոցի: Ինչի՞ն է ծառայելու սոյն մարդահամարն ու ինչպէս են կեղծուելու-օգտագործուելու-չարաշահուելու դրա արդիւնքները՝ կը տեսնենք հաշուած ամիսներ անց: Եթէ համամիտ չէք՝ ես յարգում եմ ձեր կարծիքը, բայց արտայայտում եմ իմը»:

Մարդահամարը ի՞նչպէս կը կատարուի


Մարդահամարի հարցարանին մէջ առկայ է 33 հարցում, որոնց նպատակն է՝ ոչ միայն պարզել Հայաստանի բնակչութեան թիւը, այլեւ երկրին ընկերա-տնտեսական եւ ժողովրդագրական պատկերը: Հարցաշարը ծրագրուած է ճշդելու համար, թէ բնակչութեան ո՛ր մասը կÿապրի սեփական աշխատավարձով, ո՛ր մասը՝ արտասահմանէն ուղարկուած գումարով,  նաեւ՝ կÿերիտասարդանա՞յ թէ կը ծերանայ երկրին բնակչութիւնը, ի՞նչ դեր կը յատկացուի կրթութեան, եւ ո՛ր շրջաններուն մէջ ո՛ր հատուածը ի՛նչ ընկերային պայմաններու մէջ կ'ապրի: Հարցարանի 33 հարցերէն երեքին՝ ազգային պատկանելիութեան, կրօնական դաւանանքին եւ լեզուներու իմացութեան վերաբերողներուն կարելի է չպատասխանել: Պաշտօնապէս կը յիշեցուի, թէ բոլոր անհատական տուեալները գաղտնի են, եւ կրնան օգտագործուիլ միայն անուանազերծուած ձեւով, իսկ մարդահամարի վերջնական արդիւնքները կրնան օգտագործուիլ՝ միայն ամփոփուած եւ խմբաւորուած տեսքով:
Մարդահամարը քարոզելու նպատակով կը գործածուին տարբեր միջոցներ: Օրինակ, Հոկտեմբեր 15-ին, Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ)՝ մարդահմարի եւ ժողո- վըրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գոյումճեան այցելած է նախագահ Սարգսեանի նստավայրը եւ լեցուցած է անոր ընտանեկան տնտեսութեան վերաբերեալ՝ մարդահամարի հարցաթերթիկը: Այս մասին յատուկ հաղորդագրութիւն մը տարածած է նախագահի մամլոյ գրասենեակը:

Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան գրասենեակը կը   նախազգուշացնէ, որ եթէ տանտէր մը վերապահ է ու կը մերժէ դուռը բանալ մարդահամարի հաշուարարին, կրնայ հրաւիրուիլ ոստիկան մը՝ հաւաստելու այդ անձին հաշուարար ըլլալը: Ամէն պարագայի, մարդահամարի հաշուարարը, տան դուռը թակելու ատեն, պէտք է ներկայացնէ իր վկայականը եւ անձնագիրը:


Մարդահամարը Պիտի Աւարտի Սահմանուած Ժամկէտին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան վարչութեան բաժինի պետ Կարինէ Գոյումճեանի հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին, վերջինս յայտնեց, թէ «Չեմ կարծում, որ սահմանուած ժամկէտում չհասցնենք անցկացնել մարդահամարը հանրապետութեան ողջ տարածքում»: Անոր տեղեկութիւններով, ամբողջ գործառոյթը պիտի վերահսկուի:
«Բոլոր աշխատանքներն ընթանում են իրենց հունով: Հարցաթերթիկում սահման-ւած հարցերի վերաբերեալ բնակիչների կողմից դժգոհութիւններ չկան, եւ մեծ սիրով են պատասխանում առաջադրուած հարցերին», նշեց Կ. Գոյումճեան: Անոր խօսքով, մարդոց մեծամասնութիւնը կը հետեւի այն յորդորներուն, թէ համոզուելէ ետք միայն պէտք է թոյլ տալ, որ հաշուարարը ներս մտնէ: «Առանց փաստաթղթի ստուգման, հաշուարարին տուն չեն թողնում», շեշտեց Կ. Գոյումճեան: Մարդահամարի նախնական տուեալները պիտի հրապարակուին 2012ի Փետրուարին: