«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի ջանքերով շուտով լոյս կը տեսնէ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» աշխատութիւնը: Այն կը ներառնէ առողջապահութեան յառաջիկայ 20 տարիներու ռազմավարութեանը, բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրնե- րու, բնակարանային ֆոնտի նոր հայեցակարգին առնչուող հարցեր:
«Առողջապահութիւնը պետութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ՝ մատչելի եւ հասանելի բնակչութեան բոլոր խաւերուն համար: Միջին դասակարգի մարդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ բարձրակարգ եւ մատչելի առողջապահութիւն ունենալու»,- դիտել տուաւ հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեանը: Ան նշեց, որ աշխատութիւնը կը թարգմանուի նաեւ անգլերէնի, իսկ Նոյեմբեր 8-ին պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որու ընթացքին գիրքի շնորհանդէսը պիտի կայանայ:
Նախատեսուած են երեք նման ձեռնարկներ՝ ուղղուած գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն:
Մարիա Թիթիզեանի խօսքերով՝ այս աշխատութիւնը հետաքրքրական է այնքանով, որ ունի յստակ սոցիալական ուղղուածութիւն: Այն կրնայ որպէս ուղեցոյց ծառայել նաեւ պետութեան համար. իշխանութիւնը պէտք է պարզապէս վերցնէ ներկայացուած թեմաներէն իւրաքանչիւրը եւ իր քաղաքականութիւնը մշակէ տուեալ հարցերու հիման վրայ: