20 տարիներ առաջ, 10 Դեկտեմբեր 1991ին, պատերազմը դեռ իր աւարտին չհասած՝ Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէի կը մասնակցէր եւ 99%ի գրեթէ միաձայնութեամբ իր կամքը կ'արտայայտէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ի նպաստ։
Պատերազմը, տնտեսական շրջափակումը եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը չխանգարեցին, որ ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը արտայայտուի Ատրպէյճանէն լրիւ անկախանալու ի նպաստ։ Յաւելեալ՝ քուէարկութեան այսպիսի բարձր ցուցանիշ, հաստատեց որ Ղարաբաղ ինքնուրոյն պետութիւն է, նոյնիսկ եթէ միջազգային հանրութեան կողմէ չէ ճանչցուած։
ԼՂՀ խորհրդարանին մէջ Դեկտեմբեր 9ին կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին, անդրադառնալով ԼՂՀ հիմնախնդիրի բանակցային եւ միջազգային ճանաչման գործընթացներուն եւ յատկապէս կրկնակի հանրաքուէի իրականացման թեզին, որ առաջարկուած է միջնորդներու կողմէ՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն միջոցով, ԼՂՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վ. Աթանէսեան նշեց, որ ԼՂՀ քաղաքական ուժերուն կողմէ 2008ին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է Արցախի քաղաքական ուժերու յստակ վերաբերմունքը Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ, ուր նշուած է, թէ անիկա չ՛արտացոլեր բանակացային գործընթացին նկատմամբ ԼՂՀ քաղաքական ուժերուն շահագրգռուածութիւնը:
«Այս դիւանագիտական ձեւակերպման տակ մենք հասկանում ենք, որ կրկնակի հանրաքուէի անցկացումը, որ առաջարակում են միջնորդները, ԼՂՀ քաղաքական ուժերի համար անընդունելի են. այդ յայտարարութիւնը նաեւ համաձայնեցուած է եղել Արցախի արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերի հետ, եւ կարող ենք ասել, որ դա արտացոլում է ԼՂՀ քաղաքական ուժերի ամփոփ տեսակէտը, ինչը լիովին համապատասխանում է գործադիր իշխանութեան վերաբերմունքին, որը դրսեւորւում է ԼՂՀ նախագահի կողմից՝ միջնորդների հետ հանդիպումներում հնչեցուած տեսակէտներում», ըսած է Աթանէսեան:
Ըստ անոր, «բանակցային գործընթացը չպէտք է կանխորոշի ԼՂՀ միջազգային ճանաչուածութիւնը. մեր պետութիւնը այսօր ակտիւ արտաքին քաղաքականութիւն է ծաւալում հասնելու ԼՂՀ փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչմանը, սա ամենալուրջ մեխանիզմն է, որը ապահովուում է քաղաքական աջակցութեամբ»:
Արցախի Համար Միջհամայնքային Ձեւաչափը Անընդունելի Է
Ատրպէյճանական իշխանութիւնները վերջերս առաւել յաճախակիօրէն կը փորձեն արմատաւորել «միջհամայնքային» հասկացութիւնը, որ ուղղուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան էութիւնը աղաւաղելուն, նպատակ ունենալով ձեւափոխելու հակամարտութեան փաստացի եռակողմ ձեւաչափը՝ Պաքուին համար շահաւէտ երկկողմ ձեւաչափի:
Ի պատասխան Պաքուի իշխանութեանց այս ճիգերուն, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, մերժելով միջհամայնքային բանակցութիւններ ձեռնարկելու ատրպէյճանական առաջադրանքները:
Յյայտարարութիւնը կ՛ըսէ.
««Միջհամայնքային» ձեւաչափը հեռահար նպատակներ է հետապնդում, մասնաւորապէս, միակողմանիօրէն վերադարձնել ադրբեջանցի փախստականներին Լեռնային Ղարաբաղ՝ առանց լուծելու Ադրբեջանից տեղահանուած կէս միլիոն հայերի հարցը, նախկին «գաղութի» եւ նախկին «մետրոպոլիայի» խնդիրը ձեւափոխել տարածաշրջանի բնակիչների միջէթնիկական խնդրիներով, այն դէպքում, երբ այն հանդիսանում է Լեռնային Ղարաբաղի հայերի նկատմամբ Բաքուի իշխանութիւնների ընդհանուր խտրական քաղաքականութեան հետեւանքը»: