ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 20 Մարտին ամբողջացաւ  հանրայայտ արեւելագէտ եւ հայագէտ, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, ակադեմիկոս Յովսէփ Աբգարի Օրբէլիի ծննդեան 125ամեակը:

«Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին»
օրինագիծը ընդունուեցաւ 2-րդ ընթերցմամբ

ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս քննարկուած «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին» օրինագիծը, երէկ, 68 կողմ ձայնով եւ 2րդ ընթերցմամբ ամբող-ջութեամբ ընդունուեցաւ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-  Ազգային շարժապատկերի առաջին՝ «Հայակ» մրցանակաբաշխութիւնը  տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ երեկոյ, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

«Թերթ».- Իրանէն Հայաստան մեկնող հանրակառքերէն մէկը վթարի ենթարկուած է Իրանի հիսիւսին՝ Մառանդ-Ջուլֆա մայրուղիի 30-րդ քմ հատուածին: Ըստ մինչ այժմ յայտնի տեղեկութիւններու զոհերու թիւը 3 հոգի է, վիրաւորներունը՝ 15:

Հայաստանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» օրաթերթի մէջ կը կարդանք հետեւեալը.-
Ամէն քաղաք իր հմայքն ու ձգողականութիւնն ունի։ Ատիկա կրնայ ըլլալ ճարտարապետական կառոյց մը, հնագոյն մշակոյթի մը վկայութիւնը նաեւ՝ մանրուք նկատուող, սակայն այցեքարտի հաւասար տարր մը։