Հայաստանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» օրաթերթի մէջ կը կարդանք հետեւեալը.-
Ամէն քաղաք իր հմայքն ու ձգողականութիւնն ունի։ Ատիկա կրնայ ըլլալ ճարտարապետական կառոյց մը, հնագոյն մշակոյթի մը վկայութիւնը նաեւ՝ մանրուք նկատուող, սակայն այցեքարտի հաւասար տարր մը։

Երեւանի հին բնակիչներու համար շատ բան փոխուած է ու կը շարունակուի փոխուիլ, պատճառ դառնալով որ կարգ մը մարդիկ դժգոհ մնան այդ փոփոխութենէն, կարգ մը մարդիկ ալ գոհունակութիւն զգան։ Իսկ ներկայ պարագային կը տիրէ անտարբերութեան մթնոլորտ։ Խօսքը Երեւանի փողոցներու մէջ անտէր մնացած ժամացոյցներու մասին է։ Երեւանի այցեքարտերէն կþուզեմ նշել օփերային թատրոնի ելեկտրոնային ժամացոյցը, որ տարիներ շարունակ կը գործէր թատրոնի տանիքին վրայ եւ որմէ կը տեղեկանայինք նաեւ օդի ջերմաստիճանի մասին։ Ժամացոյցը կարելի էր տեսնել նաեւ մերձակայ վայրերէն։ Բաւական ատենէ ի վեր այս ժամացոյցը անծանօթ պատճառներով չի գործեր եւ կարծես թէ բան մը պակսած է քաղաքի «սիրտէն»։ Ճիշդ է, օփերայի հարեւանութեամբ «մոնիթոր» մը զետեղուած է, բայց անոր կից գործող ժամացոյցն ալ յաճախ չի բանիր։ Ընդհանրապէս քաղաքապետարանի համապասխան մարմիններու ուշադրութեան պէտք է յանձնել փողոցներու մէջ զետեղուած ժամացոյցները, որոնց մեծամասնութիւնը չþաշխատիր։ Կարծես թէ երեւակայական ժապաւէնէ մը փրցուած տեսարան մըն է, երբ բոլոր ժամացոյցները կանգ կþառնեն։ Հիմա 21-րդ դարն է, բոլորն ալ գրպանի հեռաձայն ունին, ճշգրիտ ժամը կամ ջերմաստիճանը սորվելու հարց չկայ, կþառարկեն շատեր։ Բայց փողոցներու մեծ ժամացոյցները տարբեր հմայք մը կուտան մայրաքաղաքին, հակառակ պարագային՝ անտէրութեան տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի։ Օփերայի նախկին ժամացոյցի փոխարէն ներկայիս անհասկնալի եւ կառուցուածք մը կը խոյանայ թամանեանական գլուխ գործոցի վրայ եւ տգեղ տպաւորութիւն կը թողու։ Հաւանաբար մեծ դրամներու պէտք չկայ այս թերութիւնները սրբագրելու համար։