ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-  Ազգային շարժապատկերի առաջին՝ «Հայակ» մրցանակաբաշխութիւնը  տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ երեկոյ, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

Անկախ Հայաստանի 20 տարիներու շարժապատկերի արտադրանքը ամփոփող այս մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած էին 1991-2011 թուականներու ժամանակահատուածին միայն Հայաստանի մէջ արտադրուած 92 շարժապատկերներ:
Սահմանուած 12 անուանակարգերուն մէջ յաղթողները արժանացան «Հայակ» արձանիկներու:
Լաւագոյն շարժապատկեր ճանչցուեցաւ Վիգէն Չալդրանեանի «Ձայն բարբառոյ…» շարժապատկերը, լաւագոյն բեմադրիչ՝ Յարութիւն Խաչատրեան՝ «Սահման» շարժապատկերին համար, լաւագոյն դերասանուհի՝ Աննա Էլբակեան, լաւագոյն դերասան՝ Միքայէլ Պօղոսեան:
«Լաւագոյն կարճամեթրաժ շարժանկար» անուանակարգին յաղթող ճանչցուեցաւ Գագիկ Յարութիւնեանի «Եարխուշտա»ն, «լաւագոյն վաւերագրական շարժանկար» անուանակարգին՝ Վարդան Յոհաննիսեանի «Պատմութիւններ պատերազմի եւ խաղաղութեան մասին» շարժանկարը: «Լաւագոյն անիմացիոն շարժապատկեր» անուանակարգին յաղթող ճանչուեցաւ Գայիանէ Մարտիրոսեանի «Տարաշխարհիկները» շարժանկարները:
Հայկական շարժապատկերի զարգացման ներդրում ունենալու համար մրցանակներ ստացան բեմադրիչ Ալբերտ Մկրտչեան, նկարահանող Լեւոն Աթոյեան եւ անուանի դերասան Սօս Սարգսեան, որ կը նախագահէր մրցանակաբաշխութեան դատակազմին: