«Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին»
օրինագիծը ընդունուեցաւ 2-րդ ընթերցմամբ
ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս քննարկուած «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին» օրինագիծը, երէկ, 68 կողմ ձայնով եւ 2րդ ընթերցմամբ ամբող-ջութեամբ ընդունուեցաւ:
Ազգային ժողովի նիստին արձանագրուած էին 80 պատգամաւորներ։ ԱԺ եկած էր նաեւ ՀՀ ԱԺ նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը:
Մինչ քուէարկութեան պահ՝ 20 վայրկեան ընդմիջում խնդրեց «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, նշելով, որ նման դէպքերու համար ոչ թէ պէտք է պաշտպանական միջոցները օգտագործել, ինչպէս է օրէնքի նախագծին մէջ, այլ պէտք է յատուկ ստորաբաժանում ըլլայ, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ գործելու նման դէպքերու պարագային:
Վահան Յովհաննիսեանը ըսաւ նաեւ, որ ընդմիջում վերցնելը, վերջին փորձն էր, «այդ այլանդակ» օրինագիծը չնդունելու համար:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական շտապի պետ Յովիկ Աբրահամեանը քուէարկութենէն անմիջապէս յետոյ հեռացաւ նիստերու դահլիճէն:
Մեծ թիւով այլ պատգամաւորներ եւս հեռացան, հիմնականօրէն խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ: