Երէկ Մարտ 19ին Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանային դիրքերուն վրայ արձանագրուած է հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման դէպք, որուն հետեւանքով սպաննուած է հայ զինուոր մը:

«Թերթ.am» լուրը քաղելով Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան վարչութենէն կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս ժամը 14.20ին, Նոյեմբերեանի  պաշտպանական դիրքերուն վրայ, N զօրամասի մարտական յենակէտին՝ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է Արարատի քա-ղաքացի 35ամեայ մայոր Արտակ Մնացականի Շահբազեան:
Կը կատարուի հետաքննութիւն: