Չինաստանէն նուիրուած 249 հանրակառքերէն 80ը Երեւան հասան եւ աստիճանաբար գործի կ'անցնին:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Հինգշաբթի, Մարտ 22ին, հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ: Յայտարարութեան մէջ կողմերը կոչ կ՛ընեն յաւելեալ ջանքեր գործադրելու Արցախի հարցը լուծելու նպատակով:

2002 թուականէն ի վեր Ատրպէյճան զէնք գնելու տարողութիւնը աւելցուցած է 164 տոկոսով՝ աշխարհի աւելի քան 100 պետութիւններու կարգին գրաւելով 38րդ դիրքը՝ գնուած սպառազինութիւններու քանակով։ 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Մարտ 22-24, Երեւանի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնէն ներս  տեղի կÿունենայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական  միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու համահայակական խորհրդաժողով:

Երէկ Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ 18 գիրքի շնորհանդէս:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքի մէջ նշեց, որ բոլոր ձեռնարկները կը նուիրուին հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին եւ Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի կողմէ գիրքի մայրաքաղաք հռչակելուն: