ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 20 Մարտին ամբողջացաւ հանրայայտ արեւելագէտ եւ հայագէտ, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, ակադեմիկոս Յովսէփ Աբգարի Օրբէլիի ծննդեան 125ամեակը:
Այս առիթով Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ։ 24-27 Սեպտեմբերին Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ այս առիթով պիտի կազմակերպուի միջազգային գիտաժողով։ Պիտի հրատարակուի գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուն: ՀՀ ԳԱԱի գիտական գրադարանին մէջ պիտի կայանայ «Օրբէլի 125» նիւթով գիրքերու ցուցահանդէս։
20 Ապրիլին՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեան հանդէս պիտի գայ գիտական զեկուցումով՝ «Ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբէլու ներդրումը արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան զարգացման ասպարէզում» նիւթով։
Կը նախատեսուի նաեւ ստեղծել Յովսէփ Օրբէլիի աշխատութիւններու թուային շտեմարան: