Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին  ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 300 անգամ:

Այս ժամանակաշրջանին ընթացքին՝  տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ  հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1600 կրակոց:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ բանակի յառաջապահ զօրամասերը յատկապէս ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ մարտագիծի ամբողջ երկարութեամբ վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւն: