Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարած է, որ Հայաստանի նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի սկսի 31 Մայիսին՝ ժամը 10:00-ին:
Վկայակոչելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ան նշած է, որ նորընտիր Ազգային ժողովի նիստը պիտի գումարուի, եթէ նորընտիր պատգամաւորներուն երկու երրորդը ընտրուած ըլլայ: «Ուստի, հիմք ընդունելով Հայաստանի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը եւ Հայաստանի սահմանադրութիւնը, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը նշանակում է սոյն թուականի Մայիսի 31-ին», ըսած է Տիգրան Մուկուչեանը:
Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին համաձայն, առաջին նստաշրջանի բացման ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանելու իրաւունք կ՛ունենան հանրապետութեան նախագահը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Ապա պատգամաւորները կ՛երդնուն «Յանուն համազգային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման՝ երդւում եմ բարեխղճօրէն կատարել ժողովրդի առաջ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, անել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, ազգային ու համամարդկային արժէքների պահպանման համար»:
Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը կը ճշդէ նաեւ առաջին նստաշրջանի հետագայ ընթացքը. պատգամաւորներուն երդումէն ետք նիստը վարողը կը ներկայացնէ պատգամաւորները՝ կարդալով իւրաքանչիւրին անունը, մականունը, ընտրատարածքի թիւը կամ կու- սակցութեան, կուսակցութիւններու դաշինքի անունը, որմէ ետք կը կատարուի պատգամաւորներու պաշտօնական արձանագրութիւն:
Առաջին նիստի օրակարգին վրայ նկատի առնուած են քանի մը կէտեր՝ հաշուական յանձնախումբի ընտրութիւն, Ազգային ժողովի նախագահի եւ նախագահի տեղակալներու ընտրութիւններ: Նոյն նիստին կ՛որոշուին նաեւ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու թիւը, անունները եւ գործունէութեան ոլորտները, ինչպէս նաեւ կ՛ընտրուին այդ յանձնախումբերուն նախագահները: Նշենք, որ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու թիւը առաւելագոյնը պէտք է ըլլայ 12, ինչպէս էր նախորդի պարագային: