Ստեփանակերտի նոր օդանաւակայանը պիտի կարողանայ սկզբնական շրջանին սպասարկել 100 ուղեւոր իւրաքանչիւր ժամուայ մէջ, իսկ ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին «Էյր Արցախ» ընկերութեան միջոցաւ

Բաւական դանդաղեցումէ եւ յետաձգումներէ ետք, ըստ ամենայն հաւանականութեան այս տարուայ ամրան պիտի բացուի Ստեփանակերտի նոր օդանաւակայանը: Այս հարցի մասին «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան խօսելով յայտարարեց ԼՂՀ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան աշխատակազմի ղեկավար Տիգրան Գաբրիէլեանը:
ԼՂՀ կառավարութիւնը նախապէս, իր նիստին ընթացքին, հաստատած էր ԼՂՀ օդանաւակայանային թռիչքներու  սպասարկման սակագիները, ինչպէս եւ թռիչքային կանոնները:
«Ներկայումս զբաղուած ենք փաստաթղթային աշխատանքով, իրականացւում են օդանաւակայանի եւ աէրոնաւիկացիոն ծառայութեան սերտիֆիկացման աշխատանքները: Փորձում ենք իրաւական դաշտ ստեղծել, որը թոյլ կը տայ թռիչքներ իրականացնել միջազգային չափանիշներին համապատասխան, ինչպէս նաեւ անել ամէն ինչ, որպէսզի ընդունւած իրաւական ակտերը եւ ‘ նորմատիվային հրամանները լիովին համապատասխանեն ICAO-ի հաստատած պահանջներին ու  սահմանափակումներին» ըսաւ ան:
Հաստատելով թէ հարցը գրեթէ եզրափակիչ փուլ կը գտնուի, Գաբրիէլեան նշած է թէ  թռիչքներու սակագիները վերջնականապէս չեն որոշուած, սակայն անոնք բաւական մատչելի պիտի ըլլան:
Ան բացատրեց նաեւ թէ թռիչքները ամէնօրեայ պիտի ըլլան, ապա շուտով անոնց թիւը պիտի բազմանայ՝ օրուան ընթացքին:
ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան նաեւ նշած է թէ նախնական շրջանին միայն Ստեփանակերտ-Երեւան-Ստեփանակերտ թռիչքներ պիտի կատարուին, սակայն օդանաւակայանը կը կառուցուի նաեւ  այլ ուղղութիւններով թռիչքներ կատարելու հեռանկարով:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը  տարի մը առաջ յայտարարած էր, որ Ստեփանակերտի օդանաւակայանի կողմէ սպասարկուող թռիչքի առաջին ուղեւորը պիտի դառնայ: Ան յստակօրէն նշած էր թէ  Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը օդային տարածութեան օգտագործման ամէն իրաւունք ունի: