Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին թուրք հասարակութիւնը իրազեկելու, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքները յարգելու համար մղուած անդուլ եւ սկզբունքային պայքարին համար, թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըպ Զարաքօլու Երեքշաբթի, Մայիս 29ին արժանացաւ Հայաստանի նախագահի 2011ի մրցանակին:

Մրցանակը յանձնուած է Զարաքօլուի՝
«Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչման գործին մէջ
նշանակալի աւանդ ունենալու համար»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց հրապարակախօսին կատարած աշխատանքը եւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով Թուրքիոյ քաղաքացի Զարաքօլուի գործունէութիւնը բացառիկ առաքելութիւն է:
Զարաքօլու, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար եւ նշեց, որ անիկա իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
«Թուրքիան կուրացած է, ականջները խուլցած են: Երկիրս վերածուած է յամրերու գերեզմանոցի», ըսաւ ան եւ ցաւով նշեց, թէ հազարաւոր տարիներու եղբայրութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը մէկ վայրկեանի մէջ անխղճօրէն ջնջուեցան թուրքերու կողմէ: «Կը մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Թուրքիոյ կը սպասէ խիղճի պարտքը: 1915ին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր հետեւած կործանիչ քաղաքականութիւններու ճանաչումն ու ներողութիւնը պարտադիր նախապայման է՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու համար», ըսաւ Զարաքօլու՝ շեշտելով, որ Թուրքիան պէ՛տք է ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը, որովհետեւ միայն այդ ճանապարհով պիտի կարենայ վերականգնել իրեն նկատմամբ յարգանքը: