Երէկ, Չորեքշաբթի օր, Մայիս 23-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) գլխաւոր քարտուղար Լեոնիտաս Խրիսանթոփուլոսին, որ յաջորդ ամիս կ'աւարտէ իր պաշտօնավարութիւնը:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ա. Յովակիմեանը եւ ՍԾՏՀ գլխաւոր քարտուղարը քննարկեցին ՍԾՏՀ շրջանակներու ծիրէն ներս  համագործակցութեան եւ օրակարգային այլ հարցեր: