ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» առարկայի աւարտական եւ միասնական պետական քննութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի, ՀՀ մարզերուն եւ ԼՂՀ-ի մէջ:
Քննութեան մասնակցութեան համար հայտագրուած էր 11 հազար 795 դիմորդ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Երեւանի մէջ «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» առարկայէն միասնական քննութիւնը կատարելու համար ձեւաւորուած է 14 քննական կեդրոն, իսկ Ստեփանակերտի մէջ՝ 7 քննական կեդրոն:
Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ձեւաւորուած քննական կեդրոնին մէջ «Հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն» առարկայէն քննութիւն պէտք է յանձնէր 357 դիմորդ, սակայն քննութեան չէին ներկայացած 16-ը: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար, Գնահատման եւ թեստաւորման կեդրոնի խորհուրդի անդամ Մանուկ Մկրտչեանը յիշեցուց, որ այս տարի «Մաթեմատիկա», «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» առարկաներու առաջադրանքները կազմուած են ԳԹԿ-ի կողմէ: Ըստ անոր՝ «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» ու «Մաթեմատիկա» առարկաներու քննութիւնները կարեւոր են վերլուծութեան իմաստով, որպէսզի հասկնան, թէ շտեմարանով կազմակերպած քննութիւնները ինչ արդիւնք կուտան: «Այդ վերլուծութեան արդիւնքում կը հասկանանք՝ արդեօք արժէ մնացած առարականների առաջադրանքներն էլ շտեմարանով կազմել, թէ ոչ»,- ըսաւ փոխնախարարը: Մանուկ Մկրտչեանը տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ կþիրականանան ՀՀ վարչապետի եւ ԿԳ նախարարի որդեգրած քաղաքականութիւնը, ըստ որու՝ ընդունելութիւնը պէտք է աւելի հեշտ ըլլայ, իսկ սովորելը՝ դժուար: «Եւ շտեմարաններով թեստեր կազմելն առաջին քայլն է»,- ըսաւ փոխ նախարարը:
2012-2013թթ. ուսումնական տարուայ ընդունելութեան քննութիւններուն մասնակցելու հայտ ներկայացուցած է 16 հազար 845 դիմորդ: