Հակառակ որ Երեւանի մէջ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկած է ուժ չկիրառելու կոչով, որեւէ նշում չէ եղած Տաւուշի մահացու միջադէպի մասին

Երկուշաբթի 4 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը:

Ողջունելով հիւրը՝ Հանրապետութեան ղեկավարը անդրադարձած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 20 տարուան անկեղծ յարաբերութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած են նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու հաստատման։ «Ուրախ եմ, որ այսօր մենք կարող ենք խօսել այն մասին, որ մեր լաւ յարաբերութիւնների ստեղծմանը նպաստել են ինչպէս մեր երկու ժողովուրդների այդ կապերը, Միացեալ Նահանգներում բնակուող հոծ հայկական համայնքը, այնպէս էլ ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան գաղափարները», ըսած է ան:
Նախագահը բարձր գնահատած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ունեցած դերակատարութիւնն ու Հայաստանին օժանդակելու տարբեր նախաձեռնութիւնները։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնած է, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները սերտօրէն համագործակցած է Հայաստանի հետ՝ միշտ արժեւորելով զայն եւ շարունակելով սատար հանդիսանալ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին զարգացման ու աճող բարեկեցութեան:
«Ես եւ նախագահ Օպաման բարձր կը գնահատենք Ձեզի հետ ունեցած մեր կապերը: Եւ ես գիտեմ, թէ Դուք անձամբ ինչպիսի ջանասիրութեամբ աշխատած էք Հայաստանին առնչուող տարածաշրջանային խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Այսպիսով, կ՛ակնկալենք շարունակել երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է օժանդակելու եւ աջակցելու Ձեր շարունակական գործունէութեան՝ իբրեւ հիանալի առաջնորդ», եզրափակած է Քլինթըն։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները աւելի ուշ տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախարար Քլինթըն յայտարարած է, որ ուժի կիրառումը չի լուծեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը. այդ պատճառով ալ ուժ պէտք չէ օգտագործուի: Ան դիտել տուաւ, որ նախագահ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերը: Քլինթըն դիտել տուած է, որ ինք մտահոգ է սահմանին վրայ տիրող լարուած ու վտանգաւոր կացութեամբ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ զինուորներու եւ անմեղ քաղաքացիներու սպանութեամբ։
Նախարար Հիլըրի Քլինթըն կոչ ուղղեց կողմերուն՝ ուժի գործածութենէն եւ բռնութիւններէն հեռու մնալու։ «Ես նախագահին վստահեցուցի, որ այս արտայայտութիւնները պիտի ունենամ նաեւ Պաքու մէջ, ուր պիտի այցելեմ յառաջիկայ օրերուն: Այս միջադէպերը աւելի եւս շեշտը կը դնեն բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութեան վրայ», նշած է ան։ Նախարարը աւելցուցած է, որ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ յանձնառութիւն ունի աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ յառաջընթաց արձանագրելու համար:
Քլինթըն դիտել տուաւ, որ պէտք է գտնուի այնպիսի ճամբայ մը, որ վերաբերի ո՛չ միայն առաջնորդներուն միջեւ գործունէութեան, այլ նաեւ քաղաքացիներուն՝ տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղ եւ արժանապատիւ համակեցութեան ապահովման ի խնդիր:
Հայ–թրքական արձանագրութիւններուն մասին խօսելով՝ նախարար Քլինթըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման՝ առանց նախապայմաններու: Ան նշեց, որ, ըստ ամերիկեան տեսակէտին, ժամանակակից աշխարհին մէջ այդ է ճիշդ ճամբան։ Նախարարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի բարելաւուած տեսնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները:

 


Կիրօ Մանոյեան՝ Արցախեան Խնդիրին Եւ Քլինթընի Այցելութեան Մասին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 1 Յունիսին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ չի բացառեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի վերսկսումը, բայց նաեւ շատ հաւանական չի նկատեր այդ մէկը։
«Պատերազմի սկսումը երբեք պէտք չէ բացառել, պատերազմի ցանկութիւն Ատրպէյճանը դժուար թէ ունենայ, քանի որ վստահ չէ, որ կը յաղթէ: Պատերազմի պարագային քարիւղի օրհնանքը անէծք կը դառնայ, որովհետեւ քարիւղը խաղաղութիւն կը սիրէ», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդները կը հասկնան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հիմնական խոչընդոտը ատրպէյճանական կողմին դրսեւորած կեցուածքն է:
«Միջնորդ երկիրները կա՛մ կարողութիւն չունին, կա՛մ հնարաւորութիւն՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կեցուածքը փոխէ: Միջնորդ եռեակի հիմնական նպատակը պատերազմի հաւանականութիւնը նուազեցնելն է եւ զայն կանխելը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ ակնկալութիւն չունի, որ մօտիկ ապագային միջնորդ կողմերը հիմնախնդիրին ելք մը գտնեն: «Հարցի կարգաւորման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանն է, որ, քանի դեռ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ է, պիտի փորձէ հարցը տեղափոխել ՄԱԿ եւ պիտի շարունակէ ապակառուցողական մօտեցում ունենալ», նկատել տուած է Մանոյեան: Ան ըսաւ թէ «Ատրպէյճանի խելայեղ սպառազինումը ու ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները կամ հրադադարի այն խախտումները, զորս կը կատարէ Ատրպէյճանը, կրնան պատերազմի վերսկսման առիթ դառնալ»:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի տարածաշրջան կատարելիք այցելութեան։ Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է բացատրութիւն պահանջեն անկէ եւ հարց տան, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ համոզուա՞ծ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի նաեւ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ, թէ ամերիկեան կեցուածքը փոփոխութիւն կրա՞ծ է: «Մեզի համար կարեւոր է Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ մեզ հետաքրքրող այն հարցերը, որոնցմով հետաքրքուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրները»։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներէն պէտք է պահանջել, որ ան ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան լրջօրէն մօտենայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման հարցին: «Թուրքիոյ նախագահ Կիւլի վերջին յայտարարութիւնները շղարշ են՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ցոյց տան, թէ իբր՝ կայ ինչ-որ գործընթաց, սակայն իրականութեան մէջ ոչ մէկ գործընթաց ալ չկայ», մեկնաբանեց Մանոյեան:
ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ Քլինթընի տարածաշրջան այցելութիւնը գլխաւորաբար առնչուած է Իրանի շուրջ ծաւալող գործընթացներուն: Ըստ անոր, այս այցելութիւնը նաեւ ցուցանիշ է այն երեւոյթին, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ է տարածաշրջանային խնդիրներով: Միացեալ Նահանգները Հայաստանէն Իրանի հարցով շատ բան պիտի չպահանջէ, քանի որ մինչեւ հիմա Հայաստանի կեցուածքը հասկանալի է իրեն համար, եւ չկան այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնք կրնան մտահոգել Միացեալ Նահանգները: Մանոյեան դիտել տուաւ, որ Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը ուրիշ առիթ մըն է յայտարարելու, թէ Հայաստան Թուրքիոյ կարելիութիւն տուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ առանց նախապայմաններու: Սակայն քանի որ Թուրքիան այդ մէկը չէ ըրած, Հայաստան պէտք է վերցնէ իր ստորագրութիւնը: