Հայկական բանակը կասեցուց
ատրպէյճանցիներուն յարձակումը
Յունիս 4ի գիշերը, ատրպէյճանական կողմը յարձակում իրականացուցած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի սահմանային յենակէտերուն վրայ:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ զոհերուն թիւը երեք է, իսկ վիրաւորներունը՝ վեց. անոնք տեղափոխուած են Երեւան. անոնց կեանքը փրկելու համար կը գործադրուին բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ըստ հաղորդումին՝ անոնց կեանքին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:
«Ս.թ. Յունիս 4ին, ըստ նախնական տուեալներու, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած է սահմանին հաստատուած հրադադարը՝ փորձելով ներթափանցել ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական յենակէտեր», գրուած է:
Ձեռնարկուած քայլերուն եւ հայ զինուորական ծառայողներու քաջարի գործողութիւններուն արդիւնքով, յարձակումը կասեցուած է եւ կորուստներ տալով՝ հակառակորդը ետ մղուած է: Ատրպէյճանական գործողութեան իբրեւ արդիւնք զհուած են ՀՀ ԶՈւ երեք զինուորական ծառայողներ: Հետաքըննութիւն կը կատարուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ խումբի կողմէ:
ՀՀ զինուած ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը սահմանին վրայ՝ իրականացնելով իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ: