102 թեր, 4 դէմ եւ 4 անվաւեր քուէներով ԱԺ նախագահ ընտրուեցաւ՝  այդ պաշտօնի միակ թեկնածու Յովիկ Աբրահամեանը: 


Նորընտիր նախագահը «Ճշմարտութիւնը հիւանդանում է, բայց չի մահանում» խօսքերը ըսելով, նստաւ իր աթոռին: 
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, Յովիկ Աբրահամեանը ափսոսանք յայտնեց որ ընդդիմադիր Հայ Ազգային Քոնկրես դաշինքի խըմբակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամները պոյքոթի ենթարկած են Ազգային Ժողովի առաջին նիստը:

Վահան Յովհաննիսեան Այս Խորհրդարանը
Հայաստանին Համար Օգտակար Չի Նկատեր

Ըստ դաշնակցական պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի, այս Ազգային ժողովը ճահիճ պիտի ըլլայ։ Ան նման տպաւորութիւն ստացած է 31 Մայիսին կայացած ԱԺի լիագումար նիստին ընթացքին տիրող մթնոլորտէն։ Ան ըսած է. «Բայց կը ցանկանայի, որ այդպէս չլինէր, եթէ կոմֆորտ է իրեն զգում մեծամասնութիւնն էս վիճակում, նրանց գործն է, բայց երկրի համար այս խորհրդարանը, չեմ կարծում, որ կարողանայ օգտակար լինել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս Ազգային Ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը աւելի շեշտուա՞ծ ընդդիմութիւն պիտի դառնայ, քան՝ նախորդ Ազգային ժողովին մէջ՝ Յովհաննիսեան ըսած է. «Մենք ընդդիմադիր կուսակցութիւն ենք, ընդդիմադրի ծայրայեղականը կամ մեղմ, լպրծունը ես չեմ հասկանում: Ընդդիմութիւնն ընդդիմութիւն է»: Ան աւելցուցած է, որ նախորդ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան գործունէութիւնը յստակ օրինակ է այն իրողութեան՝ «թէ ինչպիսին պէտք է լինի ընդդիմութիւնը. սեւին պէտք է ասի սեւ, սպիտակին՝ սպիտակ, եւ դա էլ մենք անելու ենք»: Յստակ է, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ուժերէն առնուազն երեքը՝ ՀՅԴն, Հայ Ազգային Կոնգրեսը եւ «Ժառանգութիւն»ը ընդդիմադիր են:  Հարցում կը ծագի այն մասին, թէ որո՞ւ հետ պիտի գործակցի Դաշնակցութիւնը՝ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ պաշտպանելու  կամ անոնց դէմ կանգնելու ընթացքին։ Վահան Յովհաննիսեան ըսած է, որ խորհրդարան է, այս կամ այն հարցի գծով կրնաս դաշնակիցներ գտնել կամ չգտնել։

Կը Մերժուի Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնաժողովներուն Թիւը
Փոխելու ՀՅԴի Առաջարկը

Նորընտիր Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին ընթացքին օրէնսդիր մարմինը 77 թեր, 1 դէմ եւ ոչ մէկ ձեռնպահ քուէներով որոշում տուաւ պահպանել Ազգային ժողովի 12 մնայուն յանձնաժողովներուն քանակը: Այս գծով առարկութիւն ներկայացուցին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանն ու Վահան Յովհաննիսեանը՝ պնդելով, որ յանձնաժողովներու այդ մեծ թիւին պատճառով փոքր խմբակցութիւնները կարելիութիւն չեն ունենար ներկայացուած ըլլալու բո-լոր յանձնաժողովներուն մէջ:
Այս հարցով հիմնական զեկուցող Դաւիթ Յարութիւնեան՝ պատասխանելով այդ պնդումներուն՝ վկայակոչեց սահմանադրական այն դրոյթը, որուն համաձայն, Ազգային ժողովը կարելիութիւն ունի պահպանելու 12 յանձնաժողով, իսկ Սահմանադրութեան դրոյթները գերակայ են ԱԺ կանոնակարգ օրէնքին նկատմամբ:
Ազգային ժողովի 12 մնայուն յանձնաժողովներէն 8ին նախագահները պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն, իսկ 4ինը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»էն։ Յանձնաժողովներու նախագահութեան համար իրենց թեկնածուները ներկայացուցած են ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը եւ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը: Ըստ անոնց, Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու առաջադրուած է Դաւիթ Յարութիւնեանը (ՀՀԿ), Կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնաժողովի՝ Արտակ Դաւթեան (ՀՀԿ), Ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի՝ Յակոբ Յակոբեան (ՀՀԿ), Տնտեսական հարցերու՝ Վարդան Այվազեան (ՀՀԿ), Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու՝ Արա Բաբլոյեան (ՀՀԿ), Ելեւմտական-վարկային եւ պիւտճէական հարցերու՝ Գագիկ Մինասեան (ՀՀԿ), Պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու՝ Կորիւն Նահապետեան (ՀՀԿ), արտաքին յարաբերութիւններու՝ Արտակ Զաքարեան (ՀՀԿ), Եւրաինթեկրման հարցերու՝ Նայիրա Զոհրաբեան (ԲՀԿ), Գիւղատնտեսութեան հարցերու՝ Սամուէլ Բալասանեան (ԲՀԿ), Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու՝ Էլինար Վարդանեան (ԲՀԿ), Տեղական ինքնակառավարման եւ տարածքային կառավարման՝ Ստեփան Մարգարեան (ԲՀԿ):

Ազգային Ժողովին Մէջ ԲՀԿի Խմբակցութեան Քարտուղարը
Պիտի Ըլլայ Նայիրա Զոհրաբեան


Նոր խորհրդարանին մէջ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Գագիկ Ծառուկեան, իսկ խմբակցութեան քարտուղարը պիտի ըլլայ Նայիրա Զոհրաբեան: Այս մասին ԲՀԿ անդամ, գործարար Սամուէլ Բալասանեան յայտնած է լրագրողներուն 30 Մայիսին կայացած Բարգաւաճ Հայաստանի խմբակցութեան առաջին նիստէն ետք։
Ան դիտել տուած է, որ ինք փոխ նախագահ պիտի չըլլայ, որովհետեւ ԲՀԿը քաղաքական որոշում տուած է հրաժարելու բոլոր պաշտօններէն, իսկ Ազգային ժողովի փոխ նախագահութիւնը պաշտօն է։
Նայիրա Զոհրաբեանը դիտել տուած է, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են թեքնիք եւ կազմակերպչական հարցեր: Գագիկ Ծառուկեան շնորհաւորած է բոլորը՝ 31 Մայիսին կայանալիք Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին առիթով՝ ճշդելով պատգամաւորներուն նախասիրութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշել, թէ ո՞ր յանձնաժողովին մէջ պիտի գործէ իւրաքանչիւրը։ Ըստ Ազգային Ժողովի կանոնակարգին, Բարգաւաճ Հայաստանը իրաւունք պիտի ունենայ գլխաւորելու խորհըրդարանի չորս յանձնաժողովներ:


«Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Այլընտրանք Է Գործող Իշխանութիւններուն» Կ՛ըսէ Վարդան Օսկանեան

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ կարգավիճակով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցու- թիւնը պիտի շարունակէ իր քաղաքական գործունէութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտնեց, որ ընտրարշաւի ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստանը պայքարած է հիմնակա- նին մէջ իսկական փոփոխութիւններու համար, բայց երբ կարելի չէ եղած անոնց հասնիլ, որոշում տուած է համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմել եւ խորհրդարանին մէջ ըլլալ իբրեւ կառուցողական ուժ եւ այլընտրանք գործող իշխանութիւններուն:
«Ճիշդին ճիշդ պիտի ըսենք, սխալին՝ սխալ: Մէկ խօսքով՝ պիտի փորձենք իսկական փոփոխութիւն բերել մեր հանրութեան կեանքին մէջ: Եթէ օրէնքներ բերուին, որոնք կը համապատասխանեն հանրութեան շահերուն, մենք պիտի աջակցինք այդ օրէնքներու ընդունման, եթէ չհամապատասխանեն, մենք անպայման անոնց դէմ պիտի պայքարինք», նշեց ան:
Անդրադառնալով լրագրողներու այն հարցումին, որ ինչո՞ւ կը խուսափի  «ընդդիմութիւն» բառը արտասանելէ, Օսկանեան կրկնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ կառուցողական դաշտին մէջ, բայց եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ այլընտրանք այսօր գործող իշխանութիւններուն: «Այն փաստը, որ կարելի չէ լեզու գտնել եւ համաձայնական կառավարութիւն կազմել, կը նշանակէ, որ ծրագիրներու մէջ կան էական տարբերու- թիւններ», աւելցուց ան՝ նշելով, որ այս իրավիճակէն պիտի շահի երկիրը, ժողովուրդը եւ խորհրդարանի աշխատանքը:


ՀԱԿը Գործօն Մասնակցութիւն Պիտի Բերէ ԱԺին

Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդրանիկ նիստին հրապարակուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
2012 թուականի Մայիսի 6ը՝ Հայաստանի ժողովրդի ազատ կամարտայայտման եւ երկրում ժողովրդավարութեան յաղթանակի օր դառնալու փոխարէն նշանաւորուեց պետականօրէն կազմակերուած եւ ընտրակեղծարարութեան ծաւալով իր նախադէպը չունեցող կեղծուած խորհրդարանական ընտրութիւններով:
Մայիսի 31ին Ազգային ժողովի նիստերի դահլիճում առաջին նստաշրջանի առաջին օրը բացման հանդիսաւոր նիստի է հաւաքուելու մի խորհրդարան, որի մեծամասնութիւնը ընտրուած չէ Հայաստանի ժողովրդի կողմից, այլ ապօրինաբար ստացել է իր մանդատները ընտրակաշառքի համատարած բաժանման, ընտրողների ահաբեկման, լայնածաւալ բազմակի քուէարկութեան արդիւնքում: Ազգային ժողովին այդ օրը ողջունելու է գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որը նոյնպէս չի ընտրուել ազատ եւ արդար ընտրութիւններով:
Հայ ազգային կոնգրեսի պատգամաւորական խմբակցութիւնը, ի նշան բողոքի՝ ժողովրդի նկատմամբ Սերժ Սարգսեանի ռեժիմի կատարուած յանցագործութիւնների դէմ, չի մասնակցի առաջին նիստին: Միեւնոյն ժամանակ, վստահեցնում ենք, որ ակտիւօրէն մասնակցելու ենք Ազգային ժողովի աշխատանքներին եւ մեզանից կախուած ամէն ինչ կ՛անենք՝ Ազգային ժողովի ամբիոնը ժողովրդավարական Շարժման յաղթանակին ծառայեցնելու համար: