Սեւանայ լիճի Շորժա ափէն 3 քմ հեռաւորութեան վրայ սկսաւ Էքստրեմալ մարզաձեւերու փառատօն, ուր պիտի մասնակցին մօտ 3000 մարզիկներ 7 երկիրներէ, անոնց մէջ՝ Գերմանիայէն, Ռուսաստանէն, Թուրքմենիստանէն, Վրաստանէն եւ Դանիայէն:


Փառատօնը կազմակերպած են «Հայ էքստրիմ» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Հայաս» ծովային հետազօտութիւններու ակումբը՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ համատեղ:
Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի կ'ունենայ վարորդութեան միջազգային մրցումներ: Էքստրեմալ սպորտաձեւերու փառատօնը կ'աւարտի Օգոստոս 10-ին: