Արսէն  Ջուլֆալակեան  արծաթեայ  եւ  Հռիփսիմէ  Խուրշուտեան  պրոնզէ  մետալներու  տիրացան

Լոնտոնի Ողիմպիական մրցումներու ծիրէն ներս, երէկ գիշեր կայացան ծանրաբարձութեան մրցումները։ Կիներու մըրցումներու 75 քիլօ քաշային կարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի երիտասարդ մարզիկ Հռիփսիմէ Խուրշուտեանը, որ արժանացաւ պրոնզէ մետալին, ապահովելով 294 քիլօ արդիւնք։


Երիտասարդ ծանրորդուհին յաջողեցաւ 128 քիլօ վերցնել պոկում մարզաձեւին մէջ եւ 166 քիլօ՝ հրումի մէջ։
Հռիփսիմէ Խուրշուտեանի պրոնզէ մետալը թանկագին մետալ մըն է Հայաստանի համար, որ Լոնտոնի մրցումներուն մէջ առաջին ողիմպիական մետալը կը հանդիսանայ։
Արսէն Ջուլֆալակեան տիրացաւ արծաթեայ մետալին
Ըմբշամարտի յունահռոմէական ոճի մրցումներուն, 74 քիլօ դասաւորման մէջ հանդէս եկաւ Հայաստանի մարզիկ Արսէն Ջուլֆալակեանը, որ յաղթանակ տարաւ ատրպէյճանի մարզիկ Էմին Ահմատովի դէմ։ Իր յաղթանակով Արսէնը յաջողեցաւ եզրափակիչ փուլ անցնիլ, ուր իր մրցակիցը Ռուսաստանի չամփիոն Ռոման Վլասովն էր։
Արսէնի յաղթանակով արդէն երաշխաւորուած էր արծաթեայ մետալը։