Բանակումը  սկսաւ  Բիւրականի  մէջ

Հայաստանի Ազգային Սկաուտական շարժում կազմակերպութիւնը (ՀԱՍԿ) 2012-ին կը նշէ Հայկական սկաուտութեան 100-ամեակը: Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին 3-11 օգոստոսին Բիւրականի մէջ տեղի կ'ունենայ միջազգային սկաուտական բանակում, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ գործող տարբեր հայկական սկաուտական կազմակերպութիւններու

պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ պատուիրակութիւններ՝ Համաշխարհային սկաուտական շարժման անդամ պետութիւններու ազգային սկաուտական կազմակերպութիւններէն:
Բանակումի հանդիսաւոր բացման, այլ հիւրերու կողքին, ներկայ  գտնուեցան  32 միլիոն անդամ ունեցող Համաշխարհային սկաուտական շարժման ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:
 Բանակումը տեղի կÿունենայ ՀԱՍԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով: Բանակումին նիւթապէս աջակցած է նաեւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը:
Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքի բացման հանդիսաւոր երթը տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Բացման միջոցառման ժամանակ ընթերցուեցաւ  նաեւ ՀՀ սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխ նախարար Արման Քարամեանի ուղերձը բանակումի մասնակիցներուն:
Պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք, բանակող սկաուտ-արենուշները, երթով շարժեցան հիւսիսային պողոտայէն, ապա ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականին Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Անոնք արդէն անցած են Բիւրականի բանակավայր, ուր ընթացքի մէջ է բանակումի առօրեայ յայտագիրը: