Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը յղած է Թանզանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու տեսչութեան, պահանջելով հանել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անունը՝ նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ նշուած պետութիւններու ցանկէն:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ այցելեց Շիրակի մարզ, «Գիւմրիի սելեկցիոն կայան» ՓԲԸ-ի մէջ 2011-2012 թուականներու ընթացքին իրականացուած գիւղատնտեսական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ»ը։

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց տեղեկութիւն մը, թէ Լոնտոնի մէջ ողիմպիական խաղերու բացման առիթով Մեծն Բրիտանիոյ Եղիսաբեթ Բ. թագուհիին կազմակերպած ընդունելութեան ժամանակ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը:

«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբի եզակի համերգային շրջագայութիւնը կը շարունակուի Ճափոնի մէջ:

Ֆրանսահայ երգիչ եւ յօրինող Մարթէն Եորկանցը  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու նպատակով  Երեւան կ'այցելէ: