Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ  դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ նշեց, որ պէտք է կատարել ամէն ինչ, որպէսզի հայ համայնքը Սուրիոյ մէջ ըլլայ անվտանգ եւ քաղաքական հետապնդումներու չենթարկուի: Ըստ անոր, հայրենի պետութիւնը պէտք է աջակցի եւ համապատասխան պայմաններ ստեղծէ անոնց համար, որոնք կը ցանկան ժամանակաւորապէս վերադառնալ

Հայաստան:
Մանոյեան ընդգծեց, որ անկարելի է, որ հայ համայնքը ճգնաժամային պայմաններուն մէջ ամբողջովին հեռանայ Սուրիայէն, ինչպէս ատիկա պատահեցաւ Իրաքի պատերազմի ժամանակ, քանի որ Սուրիոյ հայ համայնքը մեծ է եւ շատ ամուր:
«Կան արտաքին ուժեր, որոնք փորձած են աշխուժացնել իրենց դիրքերը, որպէսզի Սուրիոյ մէջ տեղի ունենայ ուժերու փոփոխութիւն: Սուրիոյ մէջ արտաքին ուժերու շահագրգռուածութիւնը ժողովրդավարութեան խնդիրով չէ պայմանաւորուած, այլ շրջանային ռազմաքաղաքական հարցերը լուծելու նպատակը կը հետապնդէ: Այս իմաստով յատկանշական դերակատարութիւն ունին Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Նահանգները», ըսաւ Մանոյեան եւ աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ շատ հաւանական է, որ քրտական ինքնավարութիւն ըլլայ:

Հալէպի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը Տեղափոխուած Է

Սուրիահայութեան մատուցուող հիւպատոսական ծառայութիւնները աւելի գործնական եւ անվտանգ կազմակերպելու նպատակով՝ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Հալէպի հայաբնակ շրջաններուն աւելի մօտ:
Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան: