Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարարութիւնը եւ «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի մետրոպոլտեն» ՓԲԸ-ն Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) հետ պայմանագիր կնքած են մայրաքաղաքի գիտնուղիի (Metro) վերակառուցման եւ վերազինման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու համար 5 միլիոն եուրօ տրամադրելու
վերաբերեալ:
Ըստ Քաղաքապետարանի հաղորդագրութեան՝ բացի ՎԶԲԴ-ի 5 միլիոն եուրօ վարկէն, ծրագիրը կը համաֆինանսաւորուի նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան (ԵՆԴ) կողմէ 5 միլիոն եւրոյով եւ նոյն չափ գումարով Եւրոպական միութեան կողմէ ներդրումային դրամաշնորհով:
Պայմանագրի ստորագրումը կը նախատեսէ Երեւանի գետնուղիի վերականգնման ծրագրի երկրորդ փուլի մեկնարկը:
2010-ին ծրագրի առաջին փուլը եւս ֆինանսաւորուած է ՎԶԲԴ-ի, ԵՆԴ-ի եւ ԵՄ-ի կողմէ ընդհանուր 15 միլիոն եւրոյի չափով եւ մեթրոյի կայունութիւնը, ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը եւ անվըտանգութիւնը բարելաւելու նպատակով:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ընդգծած է, որ ՎԶԲԴ-ն վստահելի եւ լուրջ գործընկեր է Երեւանի քաղաքապետարանին համար եւ համոզում յայտնած է, որ երկուստեք ծրագիրները եւս պիտի շարունակուին յառաջիկային եւ պիտի ընդգրկեն քաղաքային տնտեսութեան այլ ոլորտներ:
Անդրադառնալով գետնուղիի վերականգնման ծրագրին քաղաքապետը նշած է. «Մեթրոն մայրաքաղաքի կարեւոր տրանսպորտային (երթեւեկութեան) միջոցներից մէկն է եւ Երեւանի մետրոպոլիտէնը գտնւում է քաղաքապետարանի մշտական ուշադրութեան կենտրոնում: Մենք շատ ենք կարեւորում այս ծրագրի իրականացումը, որով առաջին հերթին մեր բնակիչների անվըտանգութեան խնդիրներն ենք լուծում»:
ՀՀ ելեւմտական նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան իր հերթին նշած է, որ այս փուլի ստորագրմամբ՝ ըստ էութեան՝ կ’ամբողջանայ Երեւանի մետրոպոլիտէնի վերականգնման ծրագիրը:
«ՀՀ կառավարութիւնն իր հերթին մշտապէս ուշադրութեան կենտրոնում պահելով Երեւանի ենթակառուցուածքների զարգացումը, փորձում է վարկային միջոցներ ներգրաւել այդ ուղղութեամբ»,-նշած է ՀՀ ելեւմուտքի նախարարը:
Ծրագրի երկրորդ փուլի հիմնական շեշտը կը դրուի մեթրոյի գերնուղիներէն ջուրի հեռացման խնդրի լուծման վրայ, միաժամանակ ապահովելով ելեկտրականութեան էական խնայողութիւն: Ծրագրի կարեւոր բաղադրիչ է նաեւ շարժակազմերու արդիականացումը:
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Վալերիու Ռազլոք, կարեւորելով Երեւանի քաղաքապետարանի հետ համագործակցութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելով համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, պատրաստակամութիւն եւ ցանկութիւն յայտնած է շարունակելու Երեւանի քաղաքապետարանի եւ դրամատան միջեւ իրականացուող ծրագիրները քաղաքային տնտեսութեան այլ ոլորտներուն մէջ: