ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի աշխատանքային այցը Նիւ Եըրք կայացաւ Սեպտեմբեր 26-ին։

Երէկ,ջ  նախարարը հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռոպերթ Պրատկէի, Իկոր Պոպովի, Ժակ Ֆորի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ:
Հանդիպման օրակարգի մէջ էր Ատրպէյճանի կողմէ բանակցային գործընթացին հասցուած վնասը եւ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, բանակցութիւններու ճանապարհով հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շարունակումը:
Համանախագահները ընդգծեցին իրենց երկիրներու սկզբունքային դիրքորոշումը հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ:

Հանդիպում նաեւ Ֆիլիփ Կորտոնին հետ

Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխ տեղակալ Ֆիլիփ Կորտոնին հետ, անոնք քննարկած են հայ-ամերիկեան գործընկերութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:
Նախարար Նալպանտեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի  տեղակալ Ֆիլիփ Կորտոնը հանգամանալից զրոյց ունեցած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի, հունգարա-ատրպէյճանական գործարքով մարդասպան Սաֆարովը ազատ արձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:
Այս առումով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւորած է միջազգային հանրութեան միահամուռ դատապարտող հասցէագրուած արագ արձագանգը:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական քաղաքականութեան վերլուծութեան կեդրոնի «Միացեալ Նահանգներ-Կեդրոնական Եւրոպա ռազմավարական համախմբումի» ծիրէն ներս, մի քանի օր առաջ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր  ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆիլիփ Կորտոն յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն «բաւարարուած չէ» Պաքուէն ու Պուտափեշտէն Սաֆարովի հարցին գծով ստացած բացատրութիւններէն: