Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն,

25 Սեպտեմբերին՝ ժամը 11։30ին հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացած է սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ ժամկէտային զինուորական ծառայութիւն կատարող, շարքային Վաղինակ Արշաւիրի Բաղդասարեանը (ծնած է 1993):
Յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատար-ւի նախաքննութիւն: Տեղի ունեցած են դէպքի վայրի եւ դիակի ար-տաքին զննութիւններ: