Արցախի «Ապառաժ»ը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբերի վերջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի 10-րդ Պատգամաւորական (անդամական) ժողովը:


«Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար»՝  ահա այս կարգախօսով եւ աւելի քան մէկ դար է որ կը գործէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը: Իսկ Արցախի մէջ ՀՕՄը կը գործէ 1994 թուականէն:
Ժողովը քննութեան դրաւ  անցած 17 ամիսներու  գործունէութեան տեղեկագիրը, գնահատական տուաւ նշուած ժամանակաշրջանի ընթացքին տարուած աշխատանքներուն,  քննարկեց  կազմակերպութեան յառաջիկայ  ծրագիրները:
Ժողովը ընտրեց Արցախի  մեկուսի  մասնաճիւղի նոր վարչութիւն, հետեւեալ կազմով՝
Դադայեան Կարինէ՝  ատենապետուհի,
Մնացականեան  Ռիթա՝  փոխ ատենապետուհի,
Աբրահամեան Ռուզաննա՝  ատենադպիր,
Գրիգորեան Իրինա՝  գանձապահ,
Բարսեղեան Անահիտ՝  խորհրդական:
Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդած էինք, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները ընդունուեցան  ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին  քննարկուեցան  կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ  իրականացուող ծրագրերու  ընթացքն  ու հեռանկարները եւ այլ  հարցեր: Նախագահ Սահակեանը բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ի կողմէ Արցախի մէջ  կատարուած աշխատանքները՝ անոնք գնահատելով որպէս հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
Ծանօթ է թէ  Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնադրուած է 1910ին՝ Հ.Յ.Դ. գործիչ Է. Ակնունիի (Խաչատուր Մալումեան) ջանքերով, տարածուած է աշխարհի 27 երկիրներու մէջ եւ ունի աւելի քան 15.000 անդամներ: