«Հրադադարի կնքումէն արդէն 18 տարի յետոյ Ատրպէյճանը մեզ նոր պատերազմով է որ կը սպառնայ», - «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան խօսելով  յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:


Հարցազրոյց շնորհելով գործակալութեան՝  ՀՀ նախագահը դիտել տուած է թէ հայկական կողմը  չի կասկածիր, որ «Ատրպէյճանի նպատակն է ռազմական ճանապարհով փոխել իրավիճակը. անոնց համար ամենաէական զսպող հանգամանքներէն մէկը կը  հանդիսանայ հայկական զինուած ուժերու մարտունակութեան աստիճանը»:
«Երբ ես կը նկարագրեմ իրավիճակը, երբ կ'ըսեմ, որ Ատրպէյճանը հայատեաց քաղաքականութիւն կը վարէ, երբ կ'ըսեմ, որ Ատրպէյճանի սպառազինութիւնները կ'աւելնան, երբ կ'ըսեմ, որ Ատրպէյճանը կը ցանկանայ ռազմական ճանապարհով խնդիրը լուծել, ըսածս չի նշանակեր, որ պէտք չէ բանակցիլ», - աւելցուցած է Հայաստանի նախագահը:
Անդրադառնալով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի հարցին, Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանին արտայանձնելուն եւ նախագահ Ալիեւի կողմէ ներում շնորհելու ու որպէս հերոս մեծարուելու մասին՝ ՀՀ նախագահը դիտել տուած է թէ «Սա եւս մէկ ապացոյց է, որ հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չի կարող որեւէ կերպ ապագայ ունենալ Ատրպէյճանի կազմէն ներս»:
«Ես համոզուած եմ նրանում, որ այլեւս ես երբեք չեմ տեսնի Լեռնային Ղարաբաղի առկայութիւնը Ատրպէյճանի կազմում: Իսկ դա արդէն մեծ յաջողութիւն է», - հարցազրոյցի վերջաւորութեան յայտարարեց Հայաստանի նախագահը: