Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան  մէկ շաբթուան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար՝ Ազգային ժողովի նիստերը կը վարէ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղդալեան:

Ուշագրաւ է, որ վերջինս երէկ պատգամաւորներու բարձրացուցած մեծ աղմուկը յաջողեցաւ ձեւով մը հանդարտեցնել եւ ստիպուած եղաւ երեք անգամ գրանցում յայտարարել:
Նիստին սկիզբը ձայներու 37 թեր եւ 58 դէմ յարաբերակցութեամբ մերժուեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ նախանցեալ օր ներկայացուած՝  նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: