Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Ֆրանսա, ուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին՝ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ֆրանսան բարձր կը գնահատեն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները։
Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ անձամբ
իր անունով շնորհաւորած է Ֆրանսուա Հոլանտը՝
Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելուն առիթով
«Նուվել տ՛Արմենի»ի համաձայն, Հոլանտ ճաշի հաւաքոյթ մը կազմակերպած է, ի պատիւ Սերժ Սարգսեանի, որու ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման։ Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել իրաւական հիմքեր՝ Սահմանադրական խորհրուրդին մէջ օրինագիծի առկախումէն խուսափելու համար:
Հոլանտ յայտարարած է, որ Ֆրանսա կ'ուզէ ընդարձակել ՀՀի հետ մշակութային կապերը: