Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոանիս Տաղիսը:

Շնորհաւորելով դեսպանը իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելու առիթով՝ վարչապետը ըսած է. «Հակառակ մեր համագործակցութեան եւ բարեկամութեան մեծ պատմութեան՝  տակաւին շատ աշխատանքներ ունինք կատարելու երկկողմ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Հայաստանի կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ՝ հայ-յունական յարաբերութիւններուն մէջ չիրացուած ամբողջ ներուժը օգտագործելու համար»:
Իոանիս Տաղիս վստահեցուցած է, որ կը ներդնէ  իր բոլոր ջանքերը՝ հայ-յունական յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման եւ ամրապնդման համար:
Անդրադառնալով յաջողութեամբ ընթացող Հայաստանի եւրոընդելուզման գործընթացներուն՝ դեսպանը վստահեցուցած է, որ այդ ուղղութեամբ Յունաստանը՝ իբրեւ Եւրոմիութեան անդամ երկիր, պատրաստ է իր համակողմանի աջակցութիւնը ցուցաբարելու Հայաստանի իր գործընկերներուն: