ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան բաւականաչափ համարձակութիւն պիտի չունենայ հարուածելու Ստեփանակերտ թռչող քաղաքացիական օդանաւերը:

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Փետրուար 12ին տեղի ունեցած է «Զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը» խորագիրով բաց քննարկում մը:

Անտրէաս Ղուկասեանը երէկ յայտարարեց թէ երեք շաբաթէ ի վեր շարունակուող իր հացադուլը պիտի դադրեցնէ Փետրուար 20-ի առաւօտեան. պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս եւ նախագահի թեկնածուն պիտի խօսի յառաջիկայ իր ընելիքներու մասին:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարելու ընթացքին 9 Փետրուարին՝

NEWS.am կը հաղորդէ թէ ՀՀ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Տաղիսի հետ: