Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւնը պիտի նշանակուի Մայիu 5-ին:
Ըստ Armenpress.am-ի այս մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան Փետրուար 14-ի նիստի օրակարգին:

Նախագիծին հիմնաւորման մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է,- «Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւն նշանակելու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծին ընդունումը կապուած է «Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտման հանգամանքով եւ կը բխի ՀՀ ընտրական օրէնսգրքի 152-րդ յօդուածի 2-րդ մասի պահանջէն»:

Այդպիսով, աւագանիի ընտրութիւններու միջոցով պիտի ընտրուի Երեւանի նոր քաղաքապետը:

«Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքին համաձայն՝ աւագանին կազմուած է 65 անդամէ, որ կ'ընտրուի չորս տարի ժամկէտով:

Երեւանի աւագանին ներկայիս բաղկացած է Հանրապետական եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւններէն: