ՄԻԳի դիտորդական առաքելութիւն կատարողները հրապարակած են իրենց երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը, ուր, ի տարբերութիւն առաջին զեկոյցին, մտահոգութիւններ յայտնած են նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին արձանագրուած որոշ խախտումներու, մասնաւորապէս վարչական պաշարներու եւ կարելիութիւններու օգտագործման առնչութեամբ։
Ըստ «Արմէնիա Նաու»ի թղթակից Սիրանոյշ Գէորգեանի, զեկուցումին մէջ նշուած է, որ մինչ իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ ԵԱՀԿի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխանող ընտրութիւններ պիտի կայացնեն, քարոզչական գործողութիւններու եւ պետական գործառոյթներու միջեւ տարբերակումը շատ աղօտ է, նոյնիսկ այն պարագային, երբ պաշտօնեաները քարոզարշաւին մասնակցելու համար պաշտօնապէս արձակուրդ կ՛առնեն: ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի երկարատեւ դիտորդական առաքելութեան դիտորդները նաեւ նկատած են պարագաներ, երբ գործող նախագահին ընտրական ղեկավարման մարմինները տեղակայուած են հանրային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շէնքերուն մէջ, յայտնած են դիտորդները՝ նկատի ունենալով 17 Յունուարէն 5 Փետրուար ժամանակաշրջանը։
Նախընտրական քարոզարշաւը բնորոշելով անհետաքրքրական՝ դիտորդները իրենց երկրորդ զեկոյցին մէջ նկատել տուած են, որ աշխոյժ բանավէճ գոյութիւն չունի։ «Թեկնածուներուն մեծ մասը քարոզարշաւի ընթացքին կը կեդրոնանայ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքի, հանրային կեանքին մէջ պետութեան դերակատարութեան եւ տնտեսութեան վրայ: Գործող նախագահը կը կեդրոնանայ հիմնականին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան, բանակի, իր՝ որպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի դերակատարութեան եւ իր բանակային կենսագրութեան վրայ՝ այս բաները ներկայացնելով տպագիր եւ հեռարձակուող քարոզչական արշաւին ընթացքին: Բոլոր թեկնածուները, բացի գործող նախագահէն, ընտրացանկերու ճշգրտութեան եւ վարչական պաշարներու օգտագործման մասին կասկածներ ունին։
Միջազգային դիտորդները նաեւ արձանագրած են, որ ականատես եղած են դէպքերու, երբ գործող նախագահի քարոզարշաւին մասնակցելու պարտադրանքին տակ եղած են ուսուցիչներ եւ այլ հանրային ծառայողներ: Դիտորդները նաեւ նշած են, որ տասը մարզերէն իննին մարզպետները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիւղապետներ եւ քաղաքապետներ արձակուրդ առած են՝ Սերժ Սարգսեանի օգտին քարոզարշաւ կատարելու համար:
«25 Յունուարին Երեւանի մէջ եւ 30 Յունուարին Վանաձորի մէջ ուսուցիչներուն հրահանգուած է ներկայ գտնուիլ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախընտրական հանդիպումին, անոնք նաեւ իրենց անձնագիրներու տուեալները փոխանցած են դպրոցի տնօրէնին: Իսկ 23 Յունուարին Կապանի քաղաքապետարանը հեռաձայնած է դպրոցներ՝ տեղեկացնելով Սարգսեանի նախընտրական հանդիպման մասին», նշուած է զեկուցումին մէջ։
ԺՀՄԻԳի դիտորդները դրական նկատած են Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի աշխատանքը՝ յայտարարելով, որ կազմակերպչական պատրաստութիւնները կ՛ընթանան սահմանուած ժամկէտներով, ԿԸՅն կը շարունակէ աշխատել թափանցիկ եւ բաց: