Նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանը, Կիրակի օր ներկայացած էր Սահմանադրական դատարան՝ ընտրութիւններու յետաձգման դիմում ներկայացընելով։ 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արճիճաքարի (մոլիպտինիում) արտադրութեամբ զբաղող Երեւանի «Մաքուր երկաթի փորձնաարդիւնաբերական գործարան»ին մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրներով յառաջիկային կը նախատեսուի ստեղծել նոր աշխատատեղեր եւ աւելցնել արտադրական հզօրութիւնները:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ քաղաքի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ կիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւնները դատապարտող երթ, որ կազմակերպուած էր «Երիտասարդ դիւանագէտների ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

Փետրուար 8ին Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձած է Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ եւ Կովկասի տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ ընտրուելուն, ինչպէս նաեւ խօսած է հայաստանեան քաղաքական ներքին կեանքին մասին։

Հայաստանի գրողներու միւթիւնը բացած է «Նոր գիրք» գրախանութը (Երեւան, Բաղրամեան պողոտայ, 3) յանուն հայ գիրքի տարածման։ Միաժամանակ միութիւնը քարոզչական աշխատանք կը տանի հայ գիրքը տարածելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: