Հակառակ սահմանի վրայ տիրող լարուած իրավիճակին, (երէկ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական գիւղերուն դէմ կրակոցներ կ'արձակուէին շարունակ) Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաք կայացաւ՝ նուիրուած Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման 25-ամեակին։

Ներկայ եղան Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը կարեւորութեամբ նշեց պատմական իրադարձութիւններուն նուիրուած նման միջոցառումներու կազմակերպումը՝ անոնք համարելով նշանակալի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէ:

Հանրահաւաքին մասնակ- ցեցան նաեւ արցախեան շարժման վեթերաններ, հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք հակառակ անձրեւին մնացին հրապարակին վրայ, ողջոյնի խօսքերը ծափահարեցին, յետոյ երգն ու պարը բռնեցին։

Նոյնպէս Հադրութի մէջ բազմամարդ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ, երիտասարդներու գլխաւորութեամբ: