NEWS.am կը հաղորդէ թէ ՀՀ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Տաղիսի հետ:

Ազգային Ժողոքի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն թէ Շարմազանով եւ Յունաստանի դեսպանը քննարկած են Հայաստանի մէջ Փետրուար 18ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին առնչուող հարցեր: Մասնաւորապէս Էդուարդ Շարմազանով ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու համար շատ կարեւոր է ընտրութիւններու ժողովրդավարական ու միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցումը: Իր գնահատմամբ՝ նախընտրական պայքարը մրցակցային է եւ ի տարբերութիւն նախորդ ընտրութիւններուն՝ հիմնականօրէն կþընթանայ ծրագրային ու գաղափարական հենքի վրայ, գրեթէ կը բացակային անձնական վիրաւորանքները: ԱԺ փոխ նախագահը հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանի համար մեծ հնարաւորութիւն ստեղծուած է՝ անշրջելի դարձնելու ժողովրդավարական ընտրութիւնները, եւ այս առումով կարեւորեց պատկան մարմիններու՝ խախտումներու վերաբերեալ առարկայական արձագանգը:

Իր կարգին Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Տայիսի գնահատմամբ՝ այս ընտրութիւնները կարեւոր հանգրուան մը կը հանդիսանան, որտեղ յստակ պիտի դառնան Հայաստանի ժողովըրդավարական արժէքները: Ան համոզում յայտնած է թէ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կազմակերպելու՝ իշխանութիւններու կատարած քայլերը ճիշդ են եւ աւելի լաւ, քան՝ նախորդները: Ինչ կը վերաբերի բողոքներուն, անոնք լուրջ չեն եւ չեն կրնար ազդել ո՛չ ընտրութիւնների ընթացքի եւ ո՛չ ալ արդիւնքներու վրայ:

Դեսպան Տաղիս միաժամանակ նկատել տուած է, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նախընտրական շրջանին բողոքներ կ'ըլլան. կարեւոր է, որ իրաւասու մարմինները արագ արձագանգեն անոնց՝ կանխելու համար հնարաւոր խախտումները: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ Հայաստան այս ընտրութիւններով մէկ անգամ եւս պիտի ապացուցանէ, որ իր ստանձնած բարեփոխումները ճիշդ ուղիի վրայ կը գտնուին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր: Յունաստանի դեսպանը Էդուարդ Շարմազանովին յանձնեց Յունաստան-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի անդամներու նամակը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՀ այցելելու հրաւէրի մասին։