Իր դիմումը ետ վերցնելու համար 24 ժամ ունի

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, «Ազգային ինքնորոշում» միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը երէկ Կիրակի օր դիմեց Սահմանադրական դատարան՝ Փետրուար 18-ին որոշուած նախագահական ընտրութիւնները երկու շաբաթով յետաձգելու հարցով։

Միօրեայ հացադուլի դիմած է Արամ Յարութիւնեանը, որ լրագրողներուն յայտարարութիւն մը կարդալով, յայտնեց թէ ինքնաբացարկ կը ներկայացնէ ընտրական գործընթացէն։

«Ասպարէզ» կը յայտնէ թէ Երեւանէն հասած տեղեկութեանց համաձայն, Ազգային  Անվտանգութեան Ծառայութիւնը  ձերբակալած է երկու կասկածելիներ՝ Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձ կատարելու ամբաստանութեամբ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն Լ. Այվազեանի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի ռազմական կցորդ, փոխ գնդապետ Անտրէ Էվրայի կողմէ ստորագրուած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-ֆրանսական գործակցութեան 2013ի ծրագրին առընչուող համաձայնագիր:

Երկիր Մետիա կը հաղորդէ թէ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին յայտարարած է, որ Վրաստանի հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախք նահանգը ազատ տնտեսական գօտի հռչակելու գաղափարը Վրաստանի դէմ մշակուած ծրագիրին մէկ մասն է. ան կ՛անդրադառնար Ռուսիոյ Ջաւախքի համայնքի յայտարարութեան: