Խոր վշտով ընդունեցինք հայ կերպարւեստի կաղնու՝ ՀՀ Ժողովդական նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի կորստեան լուրը:

Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածուներ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրիաս Ղուկասեանի դիմումներու գործով քննութիւնը ընդմիջուեցաւ Սահմանադրական դատարանին մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական կացութեան պատճառով մեծ թիւով սուրիացիներ ժամանակաւորապէս հեռացան Սուրիայէն։ Անոնցմէ քանի մը հազար գաղթական հաստատուեցաւ Հայաստան։

Նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները վիճարկող՝ ընդդիմադիր առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը երէկ Կիրակի օր հրաւիրած հանրահաւաքէն յետոյ յայտարարեց, թէ հացադուլ կը սկսի Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Ժառանգութիւն»՝ եռակողմ հանդիպում

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի շէնքէն ներս, անցնող շաբաթավերջին հանդիպում կայացաւ «Բարգաւաճ Հայաստանի», «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։