ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատած է, որ նախաձեռնութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին՝ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի հանդիպումը:

«Հայաստանի մէջ ինծի համար ամենայուզիչը Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնս էր»

Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմըրթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ խօսնակ Հերմինէ Նաղդալեանի ընկերակցութեամբ 6 Մարտին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր:

6-7 Մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով Երեւան կÿայցելէ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչիուսը: