ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատած է, որ նախաձեռնութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին՝ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն:

Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղ շրջանին մէջ հաստատուած 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանաշինական խնդիրը հոգալու նպատակով Հոկտեմբեր 2012ին «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 5 միլիոն դրամի փոխանցում կատարած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին:

Բնակարանաշինութեան աշխատանքները աւարտական հանգրուանին հասած են արդէն եւ զանոնք ամբողջացնելու նպատակով 5 Մարտին «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 4 միլիոն դրամ եւս յատկացուցած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին:

Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ օգնութիւն տրամադրել նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: Նախորդող օրերուն «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը՝ «Քրիստոնեայ բժիշկների ասոցացիա»ին հետ գործակցաբար, պարէնային (իւրաքանչիւրը 40 հազար դրամ արժողութեամբ) 500 ծրարներ բաժնած է սուրիահայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ձմեռնային հագուստներ՝ Կիլիկեան վարժարանի սաներուն եւ ուսուցիչներուն:

«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը իր երախտագիտութիւնն է յայտնում բոլոր անհատներին, գործարարներին, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններին, որոնք շարունակում են իրենց շատ կարեւոր ներդրումը բերել սիրիահայ մեր հայրենակիցների աջակցութեանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: