Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Ժառանգութիւն»՝ եռակողմ հանդիպում

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի շէնքէն ներս, անցնող շաբաթավերջին հանդիպում կայացաւ «Բարգաւաճ Հայաստանի», «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Քննարկման նիւթն էր Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն միասնական ցուցակով մասնակցելու հնարաւորութեան հարցը։ Իւրաքանչիւր կողմ ներկայացուց իր մօտեցումները։ Որոշում չի կայացաւ այս ուղղութեամբ, պարզապէս որոշուեցաւ քննարկումը շարունակել։

ՀՅԴ ներկայացուցիչը չի բացառեր
ՀՅԴի առանձին ցուցակով մասնակցութիւնը

ՀՅԴի կողմէ հանդէս եկած է ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը, որ խօսելով Մայիս 5-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար չէ բացառած առանձին ցուցակով մասնակցելու հարցը:

«Բազմակի տարբերակներ կան, խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին: Կþապրենք, կը տեսնենք»,-Panorama.am-ին խօսելով ըսած է Աղուան Վարդանեանը։

Երեւանի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու մասնակցող թեկնածուներու անուններու առաջադրումը կը սկսի այսօր Երկուշաբթի օր։ Քարոզարշաւը պիտի սկսի Ապրիլ 7ին։

Նշենք, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղական խորհուրդի ընդլայնուած նիստին որոշում կայացաւ, թէ կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի աւագանիի ընտրութիւններուն, ցուցակի առաջին տեղին առաջադրելով Վարդան Օսկանեանի անունը։