Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ շարունակուեցաւ նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմնակիցներու հանրահաւաքը, զոր վարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:

Մարտ 15-ին միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ եւ Յունաստանի իր պաշտօնակից Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հրաւէրով Աթէնք գտնուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։

Կեանքի 77 տարեկան հասակին մէջ վախճանեցաւ գրող, երգիծաբան Արամայիս Սահակեանը:

Երեւանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը:

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը մերժեց նախագահական նախկին թեկնածուներ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրէաս Ղուկասեանի՝