«Հայաստանի մէջ ինծի համար ամենայուզիչը Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնս էր»

Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմըրթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ խօսնակ Հերմինէ Նաղդալեանի ընկերակցութեամբ 6 Մարտին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր:

Բարձրաստիճան հիւրերը ծաղկեպսակներ զետեղած են մէկուկէս միլիոն զոհերու յուշակոթողին դիմաց եւ ծաղիկներ՝ անմար կրակին շուրջ: «Հայաստան տուած իմ այցելութեանս ծիրին մէջ շատ յուզիչ է այս վայրը այցելելը: Այսպիսի վայրեր շատ կան իմ երկրիս՝ Գերմանիոյ մէջ, կան նաեւ ողջ աշխարհով մէկ. անոնք գոյութիւն պիտի չունենային, եթէ գոյութիւն չունենային այն իրադարձութիւնները, որոնց խորհրդանիշները կը հանդիսանան այս կոթողները», յայտնած է Լամմըրթ:

Ան յիշեցուցած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը 2005 թուականին որոշում կայացուցած է 1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչուած: Լամմըրթ նշած է, որ այդ որոշումը կայացնելու ընթացքին իրենք նկատի առած են նաեւ իրենց անցեալը: «Պարզապէս մենք միասնաբար կայացուցած ենք այդ որոշումը, բայց այն գիտակցութեամբ, որ ինքնաքննադատական վերաբերմունքը սեփական պատմու- թեան այն կարեւոր նախադրեալն է, որ պէտք է օգնէ նման որոշման կայացման՝ յանուն համընդհանուր աւելի լաւ ապագայի: Հայեացք նետելով ապագային՝ այդ իրադարձութիւններու հարիւրամեայ տարելիցին, փափաք կը յայտնեմ, որ ատիկա նաեւ տեղի ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ», յայտնած է խորհրդարանի նախագահը: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ծանօթացուցած է թանգարանին ցուցանմոյշները։ Խորհրդարանի նախագահը թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրութեամբ մը զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն յայտնած է՝ հայ ժողովուրդի զոհերու հարազատներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Հանդիպում Էդուարդ Նալբանդեանի հետ

Մարտ 6-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ Երեւանի մէջ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող Գերմանիոյ Պունդեսթագի նախագահ Նորբերթ Լամերթին։

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-գերմանական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի՝ քաղաքական երկխօսութեան, տնտեսական համագործակցութեան, գիտակրթական եւ մշակութային փոխանակումներու կապակցութեամբ։ Որպէս բարեկամական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւոր ձեւաչափ երկուստեք ընդգծուեց խորհրդարանական աշխուժ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու, իրականացող ծրագրերու եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններու վերաբերեալ։

Պունդեսթագի ղեկավարի խնդրանքով նախարար Նալբանդեանը հանգամանալից ներկայացուց արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը։

Նորպըրթ Լամմըրթ բարձր գնահատեց Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցութեան ուղղութեամբ   գերմանական զօրախումբի կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութիւնը: