«Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մօտ 25 օդաչուներ ընկերութեան սնանկացման լուրը ստանալէ ետք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ սպասողական վիճակի մէջ էին:
Օդաչուները կը պատրաստուէին բողոքի ցոյց կատարել տակաւին 21 Մարտին, սակայն «Արմաւիա»ի սեփականատէր Միխայիլ Բաղդասարով անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ եւ յորդորեց մինչեւ 29 Մարտ սպասել, եթէ խնդիրը չլուծուի, ապա ինքը՝ Բաղդասարովն ալ անոնց հետ ցոյց պիտի կատարէր: «Առաւօտ» կը հաղորդէ, որ «Արմաւիա»ի մօտ 25 օդաչուներու քանի մը ամիսներու աշխատավարձ չէ վճարուած. «Պոյինկ» օդանաւի օդաչուներուն աշխատավարձը տակաւին նախորդ տարուան սեպտեմբերէն չէ վճարուած, իսկ «Էրպաս»ի օդաչուներուն աշխատավարձը՝ նախորդ տարուան Յուլիսէն: Իւրաքանչիւր աշխատավարձ եւ թռիչքներու յաւելավճարները միասին ամսական կը կազմեն 2500-3000 տոլար: «Արմաւիա»-ի յայտարարութիւնը ցնցած է օդաչուները: Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ սնանկացման հոլովոյթով ալ եթէ նոյնիսկ եղած 2 «Պոյինկ» եւ 2 «Սի.Ար.Ճի.» ու 1 «Էրպաս» օդանաւերը ծախէ, օդաչուներու պարտքերը չի կրնար վճարել: Ըստ օդաչուներուն, այս օդանաւերը դրամատուներուն մէջ գրաւադրուած են, իսկ եթէ դրամատունն ալ որոշէ ծախել, դժուար թէ գնող գտնուի: