Պաշտօնապէս  բացուած  է  Մայիս  5ի 
Երեւանի  քաղաքապետական ընտրութիւններու 
նախընտրական  շրջանը

Երեւանցիներու վստահութեան քուէն ակընկալելով  Դաշնակցութիւնը վճռած է ձեռնամուխ ըլլալ քաղաքի եւ բնակչութեան առաջնահերթ խնդիրներու լուծման:

Մայիս 5ի ընտրութիւններուն համար նախընտրական շրջանը արդէն բացուած յայտարարուած է, իսկ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերը կը հրապարակեն իրենց ծրագիրները: Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովին ՀՅԴ ներկայացուցած է 65 հոգիէ բաղկացած համամասնական ցուցակ, որ կը գլխաւորէ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Յաջորդող դիրքերուն վրայ են ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը, ՀՅԴ ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը. ապա կը յաջորդեն՝ Ալեսիա Բեջանեան (Հանրային հեռուստաընկերութեան Առաջին լրատուականի մեկնաբան), Արթուր Եղիազարեան (ՀՀ ԱՍՀ նախարարութեան մոնիթորինգի բաժնի պետ- վարչութեան պետի տեղակալ, Արթուր  Ղազարեան (ՀՊՃՀ դասախօս), Յովհաննէս Սարգսեան՝ (ԱԺ ՀՅԴ ֆրակցիայի փորձագէտ), Մարգարիտա Խոստեղեան (չի աշխատիր), Արամ Նազարեան (ՀՀ ԿԳՆ ԿԱԻ բաժնի վարիչ), Լեւոն Գաբրիէլեան՝ (չի աշխատիր):

Լրիւ ցանկը, ինչպէս եւ քաղաքապետութեան հարցերու մասին մանրամասն վերլուծումներ ու ծրագիրներ կարելի է կարդալ www.arfd.am/yerevan2013 կայքէջի միջոցաւ:

Երեւանի աւագանիի Մայիս 5ին կայանալիք ընտրութիւնները պիտի կանխորոշեն ոչ միայն մայրաքաղաքի, այլեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարը: Յաղթանակ Երեւանի մէջ՝ կը նշանակէ յաղթանակ Հայաստանի մէջ: Մեր երկրէն ներս վճռորոշ, արմատական փոփոխութիւններու ժամանակն է: Երեւանցիներու ժամանակը: