Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ Մեծամօրի հիւլէակայանը պիտի գործէ մինչեւ 2026:
Անոր փակումը նախատեսուած էր 2016ին: Մինչեւ 2026 թուականը կայանին նոր բաժինը պիտի կառուցուի: Սեպտեմբեր 3ին, Վլ. Փութին եւ Ս. Սարգսեան մոսկովեան իրենց հանդիպումէն ետք յայտարարած էին, թէ ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը պիտի գործակցի հայ մասնագէտներուն հետ՝ կայանին կեանքը տասնեակ մը տարի երկարելու համար: